Frog and Toad Translation Project
A timeless collection of children's stories…available for the first time in Armenian
A NOTE TO OUR YOUNG READERS:
Մեր շատ սիրելի՛ փոքրիկ ընթերցողներ,
Դո՞ւք ալ գործի ծաւալը տեսնելով կրնաք յուսահատիլ։ Արդեօ՞ք կան պահեր, երբ մեծ վախ կը զգաք կամ տխրութիւն եւ անհանգստութիւն։ Ինչպիսի՞ լուծումներ կը գտնէք ձեր վիճակէն դուրս գալու։ Արդեօ՞ք կ’օգնէք ձեր ընկերոջ նման պարագաներու։ Հիմա, լայն բացէ՛ք ձեր աչքերը ու լաւ մը պտըտցուցէ՛ք զանոնք այս հեքիաթներու տողերուն մէջ։ Տեսնենք ինչպէ՞ս Գորտն ու Դօդօշը կը դիմագրաւեն որոշ վիճակներ, կը զրուցեն, կը վիճին եւ անպայման լուծումներու կը հասնին։
Ձեզ կը մաղթենք շատ հաճելի եւ ուրախ ժամանց երկու շատ մտերիմ ընկերներուն՝ Գորտին ու Դօդօշին հետ։